2017-11-16 08:26:00

Պետական հարուած` Զիմպապուէյի մէջ։


Զիմպապուէյի մէջ նախագահ Ռոպըրթ Մոկապի իր կնոջ` Կրէյսի հետ կը գտնուին տնային կալանքի տակ:

Սկզբնական տեղեկութեանց համաձայն, բանակը իր հակակշիռին տակ առած է օդակայանը եւ պետական լրատուական ու այլ պաշտօնական կառոյցներ մայրաքաղաք Հարարիի մէջ: Բանակային պատասխանատու մը յայտնած է, որ բանակը կը հետապնդէ նախագահ Մոկապիի մօտիկ անձնաւորութիւնները, որոնք պատճառ դարձան բնակչութեան ընկերային եւ տնտեսական տառապանքին:

Նշենք, որ 90-ամեայ նախագահ Ռոպըրթ Մոկապի երկրին կ՛իշխէ 1980-էն ի վեր: Անոր աջ բազուկը կը նկատուի իրմէ քառասուն տարի փոքր իր կինը` Կրէյս:

Ըստ «Պի.Պի.Սի.»-ի թղթակիցին, մայրաքաղաքին  մէջ կացութիւնը գրեթէ բնականոն վիճակի մէջ է, առեւտրական բազմաթիւ հաստատութիւններ եւ  վարժարաններ բաց եղած են, հակառակ զինուորական խիտ շարքերու ներկայութեան մայրաքաղաքի կեդրոններուն, յատկապէս պետական գլխաւոր կառոյցներուն, ոստիկանատան եւ նախագահական պալատին շուրջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.